2017-01-20 10:33:00

Արցախի սահմանադրութեան հանրաքուէն` 20 փետրուարին


Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերեալ հանրաքուէի օրը ճշդուած է 20 փետրուարը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան 19 յունուարին ստորագրած է հրամանագիր` Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ:

Համաձայն հրամանագիրին, հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեան Ազգային ժողովին կողմէ տրուած համաձայնութիւնը, Արցախի սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերեալ հանրաքուէն պիտի կայանայ 20 փետրուար 2017-ին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.